«Հիմա, երբ հեռու եմ իմ սիրելի Հալէպէս…». ՇՈՂԻԿ ԱԶԱՐԻԿԵԱՆ
Դեռևս 2016-ի նոյեմբերին «ՀԱՅԵՐ» համահայկական մեդիահարթակի «ՇԱՌԱՎԻՂ» հատուկ նախագծում անդրադարձանք Ազարիկյաններ տոհմի պատմությանը, որի հիմնքում Ազարիկյան տոհմից շատ հետաքրքիր մի անձնավորության՝ Հալեպից Հայաստան վերադարձած, այնուհետև Կանադայում հաստատված Շողիկ Ազարիկյանի հիշարժան պատմություններն էին:
Երբ տոհմում կան Շողիկ Ազարիկյանի նման անհատներ, դժվար է կորցնել այդ տոհմի հետագիծը:
Եվ ահա, Կանադայից Շողիկ Ազարիկյանն անդրադառնում է իր կյանքի մի քանի դրվագի, որի շրջագիծը սկսվում է երիտասարդությունից՝ հասնելով մեր օրերը ու տանում է մեզ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միության 100-ամյա գործին...
Մարդ արարածն իր կեանքին ընթացքին պահեր կ ՚ապրի, երբ բառեր փնտրելով չի կրնար ճշգրիտ նկարագրել իր ներքին զգացումը։
Ահաւասիկ ես այս պահը կ՚ ապրիմ, երբ ամէնուր կը լսեմ հոգեհարազատ միութեան մը 100 ամեակի տօնակատարութեան մասին խօսքեր, մտքեր ու կը կարդամ յօդուածներ։
Ուրախութիւնս կը բազմապատկուի՝ երբ իմ սիրելի օրրանէս տեղեակ կ՚ ըլլամ, թէ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100 ամեակին առթիւ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան Մամուլի յանձնախումբը շարք մը ծրագիրներու կողքին նաեւ ձեռնարկած է յուշամատեանի մը հրատարակութիւնը, որուն մէջ տեղ պիտի գտնեն միութեան գործունէութեան մասին լայնածաւալ տեղեկութեան կողքին մտորումներ եւ յուշապատում, մէկ խօսքով՝ յարգանք պարտադրող ու գորովով լեցուն այս մեծ միութեան յարկին տակ գործող անդամներուն ապրած օրերը։
Անշուշտ, որ ես ալ անմասն չեմ ուզեր մնալ եւ մտքով ու հոգուով կ՚ երթամ հեռու անցեալը… Աչքիս առաջ տեսաերիզ մը կը պատկերուի արդէն։ Ընդամէնը տաս տարեկան երեխայ եմ, երբ յունիս ամսուան գեղեցիկ կիրակի օր մը ծնողքս զիս կ՚ առաջնորդ է ՀՄԸՄ-ի ակումբ՝ մաս կազմելու սկաուտական շարքերուն։
Պէտք է նշեմ, թէ 1983 տարեշրջանը յատուկ թուական մըն է ինծի համար, որովհետեւ նոյն այդ տարին ես մաս կազմեցի նաեւ պասքէթպոլի աղջկանց կրտսեր խումբին քոյր Մարի Մուրատեանին ու ծնողքիս քաջալերանքով։
Բնականաբար այս բոլորը պատահական ձեւով տեղի չունեցան, ենթահողը պատրաստ էր։
Հայրս ՝ Սամուէլ Ազարիկեան, եղած է հաւատարիմ եւ կարգապահ ՀՄԸՄ-ական գայլիկ, մաս կազմած է փողերախումբին որպէս թմբկահար եւ ապա փայլուն մարզիկ՝ 1960 թուին դառնալով հեծելարշաւի Սուրիոյ Ախոյեան։
Մեծ խանդավառութեամբ պասքէթի փորձերուն կը հետեւէի ու շահած էի խմբակիցներուս եւ մարզիչիս սէրն ու յարգանքը։ Օր մը մարզիչս իր մօտ կանչելով տեղեկացուց, թէ յետ այսու կրնամ մաս կազմել պասքէթպոլի աղջկանց Ա խումբին։
Ոտքերս գետին չէին դիպչեր այդ պահուն, ինչպէ՞ս կարելի էր կարճ ժամանակաշրջանի մը մէջ հոն հասնիլ։ Այս մէկը պարտաւորեցուց զիս ըլլալ աւելի աչալուրջ եւ արդարացնել առնուած որոշումը։
Ամենայն լրջութեամբ կը հետեւէի երէց խմբակիցներուս շարժուձեւերուն եւ խաղաոճին։
Իտէալական մարզիկ մըն էր ինծի համար Լորա Յովակիմեանը (այժմ Աւստրալիա), որ գերազանցիկ խաղցող էր, տիպար մարզիկի մը բոլոր տուեալները ունէր, հոգ կը տանէր ու թելադրանքներ ալ կ՚ ընէր ըստ պահանջին։
Երկար տարիներ մաս կազմեցի Ա խումբին եւ ունեցայ որակաւոր մարզիչներ, ինչպիսին են՝ եղբ. Գէորգ Արթինեանը (յաւիտեան ներկայութիւն մը դաշտէն ներս ), եղբ. Հրաչ Պզտիկեան, եղբ. Հրաչ Մակարեան, Քամէլ Խաուամ, Պաշար Խուքազ եւ եղբ. Արամ Աւետիսեան ։
Կը յիշեմ ու հիմա կ ՚ափսոսամ, թէ օր մը որքա՜ն չարչարեցինք եղբ. Հրաչ Պզտիկեանը, երբ ի զուր կը փորձէր նոր խաղաոճ մը սորվեցնել մեզի։ Խեղճ եղբայրը մէկ ու կէս ժամ ետք իր հունէն դուրս ելլելով սաստիկ բարկացաւ. ահա անկէ ե՛տք միայն բոլորս ալ շատ ճիշդ ու գեղեցիկ ձեւով կիրարկեցինք այդ chris-cross-ը։
Հաւանաբար այդ օրուան չափազանց տաք օդն էր, որուն պատճառով մեր ուղեղները դադրած էին գործելէ …
Յատուկ թուական մըն էր նաեւ 1993-ը, երբ տարիներ ետք կրկին կրցած էինք ՀՄԸՄ-ի անունը բարձրացնել Սուրիոյ մակարդակով եւ արժանավայել ձեւով գրաւել 3-րդ դիրքը՝ շնորհիւ Քամէլ Խաուամին եւ մեր նուիրեալ վարչական կազմին ու յանձնախումբի անդամներուն։
Անդրադառնալով սկաուտական շարքերէն ներս իմ գործունէութեանս մասին՝ ապա շատ յիշատակելի պահեր ունեցած եմ յատկապէս բանակումներէն։
Ուրեմն այսպէս, փոխ առաջնորդի աստիճանը ստանալէս ետք զիս նշանակեցին «Արծիւ» խումբի պատասխանատու։ Զարմանալին այն էր, որ պիտի ղեկավարէի ինձմէ ընդամէնը 2 տարի փոքր քոյրերուն եւ պատասխանատուն վստահեցուց, թէ ես ատակ եմ այդ պաշտօնը վարելու։
Յետագային շարքերը խտանալով սկաուտներն ու արծուիկները սկսան միատեղ գործել։ Հո՛ս ալ ինծի վստահուեցաւ նոր խումբ մը կազմելու պարտականութիւնը ու դարձեա՛լ կարողացայ կարճ ժամանակի մէջ աւետել «Ծիծեռնակ» խումբին կազմութեան բարի լուրը, որուն անդամներուն տարիքը 12-14-ի միջեւ կը տարուբերէր։
Ինչպէ՜ս մոռնալ Հալէպ Մասնաճիւղի հիմնադրութեան 70-ամեակին ձեռնարկի պատրաստութեան նախօրէն։
Որոշուած էր կազմակերպել մեծածաւալ ցուցահանդէս մը, որուն ընդմէջէն իւրաքանչիւր միաւոր պիտի ներկայացնէր իր դէմքը՝ պատրաստելով միամեայ տեղեկագիր մը նկարներու միջոցաւ, ցուցադրել հին ու նոր միութեանս հրատարակութիւններէն, բանակավայրի մաքէթներ, կեդրոնական կայմ մը զետեղել, եւայլն…։
Ինծի վիճակուեցաւ պատրաստել տեղեկագիրը, որ շատ հետաքրքրական աշխատանք կը թուէր ըլլալ ու քանի մը օր ետք մտայղացում մը ունեցայ։
Ու ահա այսպէս, պէտք եղած նկարները ի մի բերի, հերթականութեամբ շարեցի եւ իւրաքնչիւրը իրեն յարմար տեղը կպցնելէ ետք սպիտակ styropor–ին վրայ՝ հասայ ամենակարեւոր կէտին։ Իւրաքանչիւր նկար պիտի շրջանակուէր սկաուտական կապով մը, պայմանով որ ամէն մէկը իր նմանը չունենար…
Բազմատեսակ սկաուտական կապերու ծանօթանալով աշխատանքս իր լրումին հասցուցի։ Գոհունակ ձեւով պատկերազարդ styropor-ը տարի ու յանձնեցի մեր պատասխանատուին, որ անտարբեր չմնաց ու գովասանական խօսքեր տեղացուց ի տես այդ շրջանակներուն ու զայն տեղադրեց մեր միաւորին համար նախատեսուած տարածութեան կեդրոնը։
Ցուցահանդէսը բաց համարուեցաւ։ Հոծ բազմութիւն կար Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան Լեւոն Շանթ սրահէն ներս։ Այո, ՀՄԸՄ-ի աշխոյժ ու ժրաջան մեղուներն էին անոնք. դարձեա՛լ եկած ու տեղ գրաւած էին իրենց սիրելի փեթակէն ներս։
Ես ալ անկիւն մը կեցած լուռ կը հետեւէի, թէ որքա՜ն ուշադիր պիտի ըլլան մեր տաղավարի այցելուները։ Ու կամաց-կամաց ժպիտ մը գծուեցաւ դէմքիս վրայ, որովհետեւ կը տեսնէի, թէ ամէնքն ալ ուշի ուշով կը նայէին այդ շրջանակներուն եւ իրենց գլուխներուն շարժումները յստակօէն կ ՚ապացուցէին, թէ բաղդադութիւն մը
կ ՚ընեն մէկուն եւ միւսին միջեւ։
Ուրախ էի, որովհետեւ կրցած էի նորութիւն մը բերել ու տեսանելի դարձնել զայն։ Հարկաւ գնահատանքի ալ արժանացայ ես ու միաւորիս բոլոր պատասխանատու անդամները, թէ՛ մեր միակամ ու աշխոյժ մասնակցութեան եւ թէ՛ ալ գեղեցիկ ձեւով ներկայացնելու մեր Արի-Արենոյշ միաւորին պատկերը։
Տարիներ ետք մաս կազմեցի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ներքոյ գործող Հրատարակչական եւ Մամուլի յանձնախումբերուն եւ այդ առթիւ երէց քոյր- եղբայրներու կեանքի փորձէն ե՛ս ալ դասեր քաղեցի ու շնորհակալ եմ բոլորէն։
Հիմա, երբ հեռու եմ իմ սիրելի Հալէպէս՝ նոյն եռանդով կը մնամ հաւատարիմ գործօն անդամը այս մեծ ընտանիքին, այս անգամ մաս կազմելով Մոնթրէալի «Կամք» մասնաճիւղի վարչութեան՝ ստանձնելով ատենադպրուհիի պաշտօնը, որուն այնքան ծանօթ եմ թերեւս տասնչորս տարեկանէս ի վեր։
Պատահած է, որ ծանօթներս հարց տան ինծի, թէ երբ ՀՄԸՄ անունը լսեմ ինչո՞ւ իմ դէմքս այնքան կը պայծառանայ ու աչքերս ալ կը փայփլին. ամենայն անկեղծութեամբ կը խոստովանիմ, թէ ՀՄԸՄ-ը ինծի համար թթուածինի աղբիւր է, որմէ հրաժարուիլն ու զրկուիլը հնարաւոր չէ։
Տան դաստիարակութեան կողքին ես դաստիարակուած եմ եւ հո՛ն ու փորձած եմ կատարեալին հասնիլ, մեր պաշտելի միութեան կարգախօսը՝ « Բարձրացի՛ր Բարձրացո՛ւր»-ն ու Հայ Սկաուտին «Մի՛շտ պատրաստ» նշանաբանին տեսլականը ունենալով։
Շողիկ Ազարիկյան